Bible

Transform

Your Worship Experience with Great Ease

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

2 Corinthians 4

:
Armenian - 2019
1 Հետեւաբար չենք յոգնիր այս պաշտօնէն, որ Աստուած մեզի տուաւ իր ողորմութեամբ։
2 Հրաժարած ենք վարագոյրի ետին նիւթուած ամօթալի գործերէն, այսինքն՝ խորամանկութիւն ի գործ չենք դներ եւ Աստուծոյ խօսքը չենք նենգափոխեր. այլ բացէ ի բաց ճշմարտութիւնը կը յայտարարենք, եւ ա՛յսպէս կը ներկայանանք մարդոց առջեւ, ինչպէս պիտի ընէինք Աստուծոյ առջեւ։
3 Իսկ հակառակ ասոր, եթէ մեր քարոզութիւնը մութ կը թուի ոմանց, մութ կը թուի միայն անոնց՝ որոնք կորուստի ճամբուն մէջ են։
4 Այս աշխարհի “աստուած” ը նկատուած Սատանան կուրցուցած է այդ անհաւատներուն միտքը, որպէսզի չըլլայ որ Աւետարանին բերած լոյսը ծագի անոնց մէջ, այսինքն՝ տեսնեն փառքը Քրիստոսի, որ անտեսանելի Աստուծոյ պատկերն է։
5 Սակայն մենք մեր անձերը չէ որ կը քարոզենք, այլ Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոսը կը քարոզենք եւ Յիսուսի սիրոյն մենք մեզ ձեր ծառաները դարձուցած ենք։
6 Որովհետեւ Աստուած ինք, որ ըսաւ՝ «Խաւարին մէջ լոյս թող ծագի», ինք մեր սիրտերուն մէջ ծագեցաւ, որպէսզի լուսաւորուինք եւ Աստուծոյ փառքը ճանչնանք Յիսուս Քրիստոսի անձին մէջ։
7 Արդ, այս գանձը մեր մէջ կը կրենք՝ կաւէ անօթներու պէս, որպէսզի յստակօրէն երեւի՝ թէ այս անսահման զօրութիւնը Աստուծմէ է որ կու գայ, եւ ո՛չ թէ մեզմէ։
8 Ամէն տեսակ նեղութիւն ունինք, բայց ընկճուած չենք. տագնապի մատնուած ենք, բայց յուսահատչենք.
9 հալածանքներ անպակաս են, բայց լքուած չենք. յաճախ խոշտանգուած՝ բայց խորտակուած չենք։
10 Շարունակ Յիսուսի մահը մեր մարմիններուն մէջ կը կրենք, որպէսզի Յիսուսի կեանքն ալ մեր մարմիններուն մէջ յայտնուի։
11 Որքան ատեն որ կ՚ապրինք՝ միշտ մահուան կը մատնուինք Յիսուսի սիրոյն, որպէսզի նաեւ Յիսուսի կեանքը յայտնուի մեր մահկանացու մարմիններուն մէջ։
12 Այսպիսով, մահը կը ներգործէ մեր մէջ, որպէսզի կեանքը ներգործէ ձեր մէջ։
13 Սաղմոսին մէջ գրուած է. «Հաւատացի.ահա թէ ինչո՛ւ խօսեցայ»։ Հաւատքի նոյն ոգին ունինք մենք։ Մենք ալ կը հաւատանք, ուստի նաեւ կը խօսինք։
14 Գիտենք թէ Աստուած՝ որ Տէր Յիսուսը յարուցանեց, Յիսուսի հետ մեզ եւս պիտի յարուցանէ եւ ձեզմով միասին իր ներկայութեան կանգնեցնէ։
15 Այս բոլորը ձեզի համար կ՚ըլլան, որպէսզի փրկութեան շնորհքը աւելի եւ աւելի անձերու վրայ տարածուի, եւ գոհաբանական աղօթքները առատանան՝ Աստուծոյ փառքին համար։
16 Ուստի չենք թուլնար բնաւ։ Նոյնիսկ եթէ մարմնապէս հետզհետէ կը քայքայուինք, բայց ներքնապէս կը նորոգուինք օրէ օր։
17 Ներկայի մեր կրած այս թեթեւ նեղութիւնը արտակարգօրէն գերազանց եւ յաւիտենական փառք մը կ՚ապահովէ մեզի։
18 Եւ մենք մեր ուշադրութիւնը չենք կեդրոնացներ նիւթական իրականութեանց վրայ, այլ՝ հոգեւոր իրականութեան վրայ. որովհետեւ նիւթական իրականութիւնները ժամանակաւոր են, մինչ հոգեւոր իրականութիւնները՝ յաւիտենական։